Skip to main content

Վերաձեւում

Ինչպէ՞ս թէ ‘չի կարելի’, երբ նայիս քո շուրջ
ուշադրութեամբ, սուր միտքով, կայտառ
ներշնչմամբ, խոնարհ, մի տիեզերական տենչով

Պիտի տեսնես թէ մարդիկ ինչպէս կը շարժին
կը տեղափոխուին, աշխարհն սեպելով իրենց տունը
սեփականութիունը բոլորին, մէջն ազատօրէն շրջելու

Նայիր ինչպէս մարդ արարածն է փոփոխական
կեանքի օրէնքն է սա, տես ինչպէս եղանակներն
կը փոխուին միօրինակութեան վերջ տալով

Ցոյց կուտան մեզի ամէն անգամ մի ուրիշ ձեւով
փոփոխականութեամբ, վերածնունդով, նոր տեսքով
նորանոր բնութեան հմայքները մեզի յայտնելով

Փոփոխութեան եւ վերանորոգման կենսական օրէնքը
ցոյց տալով մեզի թէ մենք յաւիտենական ճամբու վրայ
մեր մարմիններն ու միտքերը մշտական փոփոխութեան մէջ են

կու տան կեանքին սլացք - մահուամբ կը ծնի մի նոր կեանք
նոր բնութիւն, նոր մարդ, յաւիտենականութեան ըմբռնում
մօտենալով կեանքի խորքին եւ աստուածային խորհուրդին

19.9.2015

Transformation

How come “it’s not possible”, when you look around you
attentively, with a sharp mind, vivid,
inspired, humble, with a universal longing

You will see that people move around
change places, considering the world their home
owned by all, freely to move about

Look how fickle mankind is
Such is life, see how the seasons
change, ending monotony

Each time they show us in a different manner
through changeability, renaissance, a new look
revealing to us the ever new charms of nature

The law of life [of] change and renewal
showing us that on the eternal road, we
our bodies and minds are in perpetual change

They give life élan – through death a new life is born
a new nature, a new person, an understanding of eternity
approaching the depth of life and the divine mystery.